Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պալամանտի
մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան ողջունեց Սուրիոյ խաղաղութեան
համար աղօթելու պապին կոչը: Եազիժի պատրիարքը մաղթեց, որ աղօթքներուն ուժով կարելի
ըլլայ շրջանը փրկել, ինչպէս նաեւ իրենք դառնան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատող
դերակատարներ: Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը
աղօթեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար` ընդգծելով, որ ուժի գործադրութեամբ խաղաղութիւն կարելի
չէ կերտել: Ան հաստատեց, որ այսօր կռուող կողմերը դատապարտուած են վաղը հաշտուելու,
որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել եւ ճիշդ չէ, որ մէկը միւսը ջնջէ: Մաթար եպիսկոպոսը
կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ Արեւմուտքին մարելու պատերազմի կրակը եւ խաղաղարար
դերակատարութիւն ունենալու: